2012-09-19 13:12:58

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան «Օգնէ` Եղբօրդ» Հասարակական Նախաձեռնութիւնը։


ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ «Օգնէ՛ եղբօրդ» նախաձեռնող խումբ մը, որուն նպատակն է օգնութեան ձեռք երկարել Սուրիա գտնուող կարիքաւոր սուրիահայ եւ ոչ միայն սուրիահայ ընտանիքներուն: Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ հիմա Սուրիոյ մէջ արդէն քաղաքացիական պատերազմ է եւ Սուրիոյ ամբողջ ժողովուրդը բաւական դժուար վիճակի մէջ կը գտնուի: Պատերազմական գործողութիւններու կիզակէտը դարձած է Հալէպը, ուր մեծ բացասական ազդեցութիւն կայ Թուրքիոյ կողմէ: Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ «Բաժնէ՛, որ տիրես» բանաձեւը կը գործէ հիմա ալ, բայց հիմա` բաժնել կրնան, տիրել` ոչ: Ըստ դաշնակցական գործիչին, «Արաբական գարուն»-ը բաւական դժոխալի երեւոյթի վերածուեցաւ: Ան ընդգծեց, որ այսօր Հայաստանի պարտքն է ամբողջ ուժերը լարել, որ Սուրիոյ մէջ մնացած հայը զգայ մեր հոգատարութիւնը:
Ըստ անոր, այնպէս չէ, որ Սուրիոյ մէջ բոլոր հայերը անպաշտպան են եւ կարելիութիւններ չունին, սակայն կան չքաւոր հայեր, որոնց պարտական են իրենք օգնելու, եւ «Օգնէ՛ եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը անոր համար է: Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ նախաձեռնող խումբին կողմէ արդէն բաւականաչափ գործ կատարուած է, եւ բարեգործական առաջին օդանաւը մօտ օրէն արդէն պիտի մեկնի Սուրիա: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը տեղեկացուց նաեւ, որ հսկայական օգնութիւն ցուցաբերած է Արցախը:








All the contents on this site are copyrighted ©.